2015-02-05 12:35:15

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը` Հանդիպում Քիրիպաթի նախագահ Տիար Անոթէ Թոնկի հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 5 փետրուար 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց տնտեսութեան քարտուղարութեան կառավարիչը` Կարդինալ Ժորժ Փելը որ ուրբաթ` 6 փետրուարին, Վատիկանի մէջ պիտի նախագահէ տնտեսութեան խորհուրդի հերթական հինգերորդ նիստին։

Նորին Սրբութիւնը ապա ընդունեց Քիրիպաթի հանրապետութեան նախագահ` Տիար Անոթէ Թոնկը ու անոր ընկերացող շքախումբը, հուսկ ընդունեց Ֆիլատելֆիյաի Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Շարլ Շաբութը եւ Պոլիվիայի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Ճամպաթթիսթա Տիքուաթրօ։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ընդունեց Յունաստանի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի անդամները, Սուրբ Պետրոսի յաջորդին անոնց կատարած հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ։

Յայտնենք թէ, Սուրբ Աթոռի հրատարակած մէկ հաղորդագրութեան համաձայն, Քիրիպաթի նախագահը, Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փարոլինի եւ Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` գերապայծառ Փոլ Կալլակէրի հետ։
Սիրալիր բանակցութիւններու ընթացքին, շեշտուեցաւ յատկապէս բնապահպանութեան հարցը ու անոր ժխտական հետեւանքները` երկիրն ինչպէս նաեւ խաղաղական երկիրներու վրայ, որոնք մեծ մտահոգութիւն կը պատճառեն։
Այս առընչութեամբ յոյս յայտնուեցաւ որ բնապահպանութեան նուիրուած յառաջիկայ դեկտեմբերին Փարիզի մէջ նախատեսուած վեհաժողովի ընթացքին, միջազգային հասարակութիւնը պատշաճ եւ արդիւնաւէտ չափանիշեր որդեգրէ դիմագրաւելու համար այս մարտահրաւէրը։

Յայտնենք թէ յետմիջօրէի ժամը 16-ին Նորին Սրբութիւնը, Վատիկանի Սիւնհոդոսական սրահին մէջ հանդիպում կ՛ունենայ ''Աքոլաս Օքուրէնդէս'' անուան կազմակերպութեան անդամներուն հետ որոնք Վատիկանի մէջ,գումարած են իրենց դաստիարակչական 4-րդ համաշխարհային գիտաժողովը որուն կեդրոնական նիւթն է` ''Ընկերային դաստիարակչական պատասխանատուութիւն.Բովանդակ դերակատարներու յանձնառութիւնը''։

Յայտնենք թէ ''Scholas Occurrentes''ը, դաստիարակչական կազմակերպութիւն մըն է որ հիմնուած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կամքով, երբ Ան Պուէնոս Այրէսի թեմի արքեպիսկոպոսն էր։

''Scholas Occurrentes'', կազմակերպութեան կէտնպատակն է եթերային ուղիներով կապ հաստատել աշխարհի զանազան դպրոցներուն հետ, զարգացնելու համար հանդիպումի մշակոյթը ու աշխատանք տանելու խաղաղութեան ծաւալումին ի սպաս։








All the contents on this site are copyrighted ©.